Նարնիա... ուր վիշապ մը կ՚արթննայ... ուր աստղեր կը քալեն երկրի վրայ...ուր հնարաւոր է ամէն բան։
Թագաւոր մը քանի մը անսպասելի ընկերակիցներով ճամբորդութիւն մը կը ձեռնարկէ, որ զիրենք պիտի տանի բոլոր յայտնի երկրամասերէն անդին։ Երբ աւելի ու աւելի կը հեռանան քարտէսագրուած ծովերէն, կը հասկնան, որ իրենց որոնումը շատ աւելին է, քան կ՚երեւակայեն եւ թէ աշխարհին ծայրը պարզապէս սկիզբ է։
«Արշալոյսի Տիրակալին ճամբորդութիւնը? Ք. Ս. Լուսիսի դասական հեքիաթաշարքին երրորդ գիրքն է, որ 1952- ի առաջին հրատարակութենէն ի վեր կրցած է առինքնել բոլոր տարիքի ընթերցողները երեւակայական ու կախարդական այնպիսի երկրամասերով, որոնց գոյութեան մասին աւելի քան վաթսուն տարի չէին ալ երազած։
Ասիկա առանձին վէպ մըն է, բայց եթէ կ՚ուզէք շարունակել ճամբորդութիւնը, ապա կարդացէք «Արծաթէ Աթոռը?, Նարնիայի Քրոնիկներու հեքիաթաշարքին չորրորդ գիրքը։
All of the products displayed on this website are supposed to be Christian.
However, occasionaly some products get added and slip through our automated content filters unnoticed by our Admins.
If you notice anything that shouldn't be here, please help us out and let us know by clicking the following button: