Նարնիա...ուր հսկաները կը կործանեն...ուր չարը անէծք կը հիւսէ եւ ուր կ՚իշխէ կախարդանքը։
Անիմանալի վտանգներու եւ մութ ու խորունկ քարանձաւներու մէջէն, խումբ մը ազնիւ ընկերներ կը ղրկուին փրկելու գերի ինկած իշխանը։ Բայց անոնց առաքելութիւնը դէպի ընդյատակ զիրենք կը կանգնեցնէ չարիքին դէմ-յանդիման, որ շատ աւելի գեղեցիկ ու շատ աւելի մահացու էր, քան երբեւէ կրնային ակնկալել։
Ք. Ս. Լուիս անգամ մը եւս կը դիւթէ իր ընթերցողը իր «Արծաթէ Աթոռ»՝ դասական հեքիաթաշարքի չորրորդ գիրքով, որ իր անմոռանալի հերոսներով,1953-ի առաջին հրատարակութենէն ի վեր, բոլոր տարիքի ընթերցողները կը կանչէ դէպի այս կախարդական երկիրը։
Այս գիրքը առանձին վէպ մըն է, բայց եթէ փափաք ունիք գիտնալու, թէ ինչ պատահեցաւ Նարնիայի վերջին օրերուն, կարդացէք Նարնիայի Քրոնիկներուն հինգերորդ գիրքը՝ «Ձին եւ իր տղան»։
All of the products displayed on this website are supposed to be Christian.
However, occasionaly some products get added and slip through our automated content filters unnoticed by our Admins.
If you notice anything that shouldn't be here, please help us out and let us know by clicking the following button: